Քրիսթիանօ Ռոնալտօ63.ion Sanga00 orgdepdinro ortth3rephas Mm14°1.5om

«ՔրիսթիանօՌօնալտու»
փորթ.՝ Cristiano Ronaldo
Rus-Por2012 (16).jpg
Ծննդեան անուն փորթ.՝ Cristiano Ronaldo dos Santos Aveiro
Նաեւ հայտնի է որպես CR7 եւ CR9
Ծնած է 5 Փետրուար 1985
Ծննդավայր Փորթուկալ
Քաղաքացիութիւն Կաղապար:Դրոշավորում/Պորտուգալիա Փորթուկալ
Ազգութիւն Պորտուգալացիներ
Մայրենի լեզու պորտուգալերեն
Ազդուած է Հորմէ եւ նախկին Փորթուկալի լաւագոյն ֆութպոլ խաղացողներէ
Կարողութիւն Ֆութպոլի յարձակող դիրքը յանձն առնել
Մասնագիտութիւն ֆուտբոլիստ
Աշխատավայր Ոտնագնդակ խաղացող
Պարգեւներ եւ
մրցանակներ
Ոսկե գնդակ ՖԻՖԱ Ոսկե գնդակ ՖԻՖԱ Ոսկե գնդակ UEFA Team of the Year PFA Team of the Year Bravo Award Անգլիական Պրեմիեր լիգայի ամսվա խաղացող Անգլիական Պրեմիեր լիգայի ամսվա խաղացող PFA Players' Player of the Year Sir Matt Busby Player of the Year PFA Team of the Year PFA Fans' Player of the Year PFA Young Player of the Year Premier League Player of the Season FWA Footballer of the Year UEFA Club Footballer of the Year Premier League Player of the Season FWA Footballer of the Year Sir Matt Busby Player of the Year PFA Players' Player of the Year PFA Team of the Year Անգլիայի Պրեմիեր լիգայի Ոսկե խաղակոշիկ PFA Fans' Player of the Year UEFA Team of the Year Ոսկե խաղակոշիկ PFA Team of the Year Onze d'Or UEFA Team of the Year FIFA World Player of the Year Անգլիական Պրեմիեր լիգայի ամսվա խաղացող Անգլիական Պրեմիեր լիգայի ամսվա խաղացող FIFA Puskás Award UEFA Team of the Year UEFA Team of the Year Լավագույն ռմբարկու Ոսկե խաղակոշիկ Trofeo Alfredo Di Stéfano UEFA Team of the Year UEFA Team of the Year La Liga Player of the Month Best International Athlete ESPY Award Լավագույն ռմբարկու UEFA Best Player in Europe Award Commander of the Order of Merit of Portugal Grand Officer of the Order of Prince Henry Officer of the Order of Prince Henry Medal of Merit of the Order of the Immaculate Conception of Vila Viçosa
Ծնողներ հայր՝ José Dinis Aveiro, մայր՝ Maria Dolores Spinola dos Santos da Aveiro
Ստորագրութիւն
Cristiano Ronaldo Signature.png

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (փորթ.՝ Cristiano Ronaldo, ծնած է 5 Փետրուար 1985), ան կը խաղայ իր ազգային խումբէն եւ խմբապէտն է, միեւնոյն ատէն Սպանիոյ Ռէալ Մատրիտ խումբէն իբրեւ յարձակող։ 2008 թուական-ին ան ստացաւ Ոսկէ գնդակը իբրեւ աշխարհի լաւագոյն խաղացող, շարունակ իր աշխատանքով ան 2013 եւ 2014 թուականներուն եւս ստացաւ Ոսկէ գնդակը: Ան նաեւ շահեցաւ «UEFA»-ի լաւագոյն խաղացողը 2013-2014 տարեշրջաններուն։ 2014 Յունուար-ին ան նշանակեց իր 400րդ «goal»-ը եւ ան արդէն 28 տարեկան էր։ Ռոնալտոն առաջին փորթուկալցի ոտնագնդակ խաղացողն է որ ստացած է 3 անգամ Ոսկէ գնդակը եւ 4 անգամ ոսկէ կոշիկը իբր ամէնաշատ «goal» նշանակողը։ 2015 թուականին Ռոնալտոն անուանուեցաւ Փորթուկալի բոլոր տարիներու լաւագոյն խաղացողը։ 1997 թուականէն մինչեւ 2003 թուական ան խաղցած է Փորթուկալի «Սփորթինկ» խումբէն ապա 2003 թուական-ին գնաց Անգլիոյ Մանչսթր Խումբին մէջ, ան շահած է զանազան բաժակներ Մանչսթրի հետ եւ աշխարհի լաւագոյն խաղացող 2008 թուականին։ 2009 թուականին փոխադրուեցաւ Սպանիոյ Րէալ Մատրիտ խումբին մէջ եւ այդ թուականին ան եղաւ աշխարհի ամենայ սուղ խաղացողը։ 2012 եղաւ առաջին խաղացողը որ «goal» նշանակեց բոլոր Սպանիոյ խումբերու դէմ։ Ան այս դարուս Սպանիոյ ամենաշատ «goal» նշանակող անձն է։ 2003-ին ան իր առաջին խաղը խաղցաւ եւ ան 18 տարեկան էր։ 2004 թուականին Եւրոպայի խաղերուն նշանակեց իր ազգային խումբին առաջին «goal»ը Յունաստանի դէմ եւ օգնեց իր խումբին աւարտական խաղին մասնակցելու:

Բովանդակութիւն

  • 1 Կենսագրութիւն
  • 2 Մասնակցած խումբերու շարքեր
  • 3 Ակումբին Գործունէութիւնը
    • 3.1 Սկզբնական շրջանին
    • 3.2 «Սբորդինկ»
    • 3.3 Մանչեսթըր Իւնայդըտ
      • 3.3.1 2003-2006 Թուականներ
      • 3.3.2 2006-2007 Թուականներ
      • 3.3.3 2007-2008 Թուականներ
      • 3.3.4 2008-2009 Թուականներ
    • 3.4 «Ռեալ Մատրիտ»
      • 3.4.1 2009-2010 Թուականներ
      • 3.4.2 2010-2011 Թուականներ
      • 3.4.3 2011-2012 Թուականներ
      • 3.4.4 2012-2013 Թուականներ
      • 3.4.5 2013-2014 Թուականներ
      • 3.4.6 2014-2015 Թուականներ
  • 4 Միջազգային Գործունէութիւն
    • 4.1 Հանդիպումներ «Պարսելոնայի» դէմ
  • 5 Խաղաոճը
  • 6 Հովանաւորները
  • 7 Մականուններ
  • 8 Անձնական կեանք
  • 9 Գործունէութեան վիճակագրութիւնը
    • 9.1 Գործունէութիւնը Ակումբէն Ներս
  • 10 Այլ տեղեկութիններ
  • 11 Ծանօթագրութիւն

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռոնալտօ ծնած է Փորթուկալի Սանթու Անթոնիու շրջանին մէջ, անդրանիկ զաւակն է Մարիա Տոլորես Տուշ Սանթուշ Աւեյրոյ եւ Ժոզէ Տինիս Աւեյրույի: Իր հայրը Ռոնալտօ ընտրած է Միացեալ նահանգններու նախագահ Ռոնըլտ Ռիկընի պատուին: Ան Կաթողիկէ ընտանիքի զաւակ է, ան 14 տարեկանէն իր մօրը համոզած է որպէսզի մտնէ ոտնագնդակ խաղալու:

Մասնակցած խումբերու շարքեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1997 թուականին մաս կազմած է Փօրդուկալի Սբորդինկ խումբին մէջ: 2003 թուականին Սբորդինկ ընդէմ Մանչեսդըր Իւնայդըտ խաղ տեղի ունեցաւ եւ Սբորդինկ 3-1 արդիւնքով շահեցաւ եւ այդ օրէն Մանչսդր-ի մարզիչ՝ Ալէքս Ֆէրկսնի ուշադրութիւնը գրաւեց եւ մաս կազմեց իր խումբին մէջ: Մեկնելով Մանչեսդըր ան եղաւ խումբին առաջին Փօրթուկալցի խաղացողը եւ ան ստացաւ թիւ 7 տարազը։ 1 Նոյեմբեր 2003 թուականին նշանակեց իր առաջին «goal»-ը, Մանչեսդըրի խաղացող Կէրի Նէվիլ ըսած է իր մասին թէ ան աշխարհի լաւագոյն խաղացողներէն մէկը կրնայ ըլլալ։2005 թուականին նոր իր ժամանակը նորոգեց մինչեւ 2010. Մանչեսդըրի հետ շահած է զանազան բաժակներ՝ ախոյանութիւն, եւրոպայի ամբողջ խումբերու ախոյանութիւն, անգլիոյ բաժակ եւ ամենակարեւորը ոսկէ գնդակ իբր աշխարհի լաւագոյն խաղացող։ 2009 թուականին փոխադրուեցաւ Սպանիոյ Ռէալ Մատրիտ խումբը եւ այդ թուականին ան եղաւ աշխարհի ամենասուղ խաղացողը, ան ստացաւ թիւ 9 տարազը նախագահ Ալֆրէտ Տի Սթէֆանոյի կողմէ։ Իրեն հիւրընկալեցին 80.000 մարդիկ։ Իր առաջին «goal»ը նշանակեց 27 Յուլիս 2009-ին, 2010 թուականին Րաուլ Կոնզալէզ մեկնելով խումբէն ան ստացաւ թիւ 7 տարազը։ Ան Ռեալ Մատրիտի ամենաշատ «goal» նշանակող անձն է մինչեւ այս օրս. ան ստացած է զանազան բաժակներ անձնական եւ խումբին ամենանշանաւորները՝ 2013 եւ 2014 թուականներուն ոսկէ գնդակ, եւրոպայի բոլոր խումբերու ախոյանութիւն,որ խումբին համար եղաւ 10-րդ բաժակը։

Ակումբին Գործունէութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սկզբնական շրջանին[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռոնալտոյի սիրելի ակումբը Լիզպոնի «Պենֆիքան» էր։ Ութ տարեկան հասակին ան խաղաց «Անդորինյա» ակումբին մէջ, ուր կ'աշխատէր անոր հայրը։ 1995 թուականին Քրիսթիանոն պայմանագիր կնքեց տեղական «Նասիոնալ» ակումբին հետ։ Յետոյ յաղթարշաւը «Նասիոնալ» հանգեցուց, որ Ռոնալտոն տեղափոխուի եռօրեայ դիտման «Սպորդինկ», իսկ յետոյ ան պայմանագիր կնքեց լիզպոնի ակումբին հետ[1]:

«Սբորդինկ»[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1997 թուականին Ռոնալտոն մտաւ «Սբորդինկի» երիտասարդական ակադեմիայ։ Ան դարձաւ միակ խաղացողը ակումբին պատմութեան մէջ, որ խաղաց «Սբորդինկի» բոլոր խումբ&nbsp՝ մինչեւ 16 տարեկան եւ 17-էն ու 18-էն բարձր տարեկաններու, ինչպէս նաեւ հիմնական խումբին մէջ, մէկ մրցաշրջանի ընթացքին մէջ[2]:

Անոր առաջին խաղը եղաւ «Սբորդինկի» չափահասներու խումբը 15 Օգոստոս 2001 թուականին Լիզպոնի «Ադլեդիքոյի» դէմ ընկերական խաղը, երկրորդ խաղակէսին փոխարինման մտաւ եւ առանձնացաւ հարուածած գնդակով[3]: Միեւնոյն ժամանակ ան կը խաղար Փորթուկալի հաւաքականի երիտասարդական կազմին մինչեւ 17 տարեկաններու Եւրոպայի առաջնութեան մէջ[4]:

Ռոնալտոն կը հետաքրքրուէր բազմաթիւ մարզիչներու, այդ թուականին «Արսենալի» մարզիչ՝ Արսէն Վենկերին, «Լիւրբուլի» մարզիչ՝ Ժերար Ուիլեին եւ այլն։ Սակայն, երբ «Իւնայթըտ» կրցաւ 3-1 հաշիւով պարտութեան մատնել «Սբորդինկին» Լիզպոնի մարզադաշտին մէջ, «Մանչեսթըր Իւնայդըտի» գլխաւոր մարզիչ Ֆերկիւսոնը տպաւորուեցաւ Ռոնալտոին խաղով։

Մանչեսթըր Իւնայդըտ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2003-2006 Թուականներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռոնալտոն դարձաւ Մանչեսթըր Իւնայթըտի պատմութեան մէջ միակ Փորթուկալցի ֆութպոլիստը, որուն համար ակումբը վճարած էր 15 միլիոն սդեռլինկ։ Երբ Ռոնալտոն դարձաւ Իւնայթըտի խաղացող, Ֆերկիւսոնը անոր հարցուց, թէ որ մարզաշապիկի թիւը կ'ուզէ կրել: Ռոնալտոն պատասխանեց 28: Սակայն Ֆերկիւսոնը անոր յանձնեց 7-րդ մարզաշապիկի թիւը։ Նախկին Իւնայթըտի կազմին մէջ 7 համարի մարզաշապիկը կրած էին այնպիսի ֆութպոլիստներ, որոնցմէ են՝ Ճոն Պերին, Էրիք Կանտոնան, Դաւիթ Պեքհեմը, Օուէնը եւ անոնցմէ ետք արդէն երիտասարդ Ռոնալտոն, իսկ յետոյ արդէն Անթոնիո Վալենսիան:

Ռոնալտոն իր առաջին խաղը խաղաց «Պոլտոնի» դէմ՝ փոխարինման դուրս գալով 60-րդ վարկեանին, երբ խումբը արդէն կը յաղթէր 4-0 հաշիւով։ Ան իր առաջին կոլը հարուածեց ուժեղ հարուածով մը «Պորթսմութի» դարպասը 1 Նոյեմբեր 2003 թուականին։

Ան հարուածեց Բրիմյեր Լիկայի 1000-րդ կոլը 29 Հոկտեմոեր 2005 թուականին։ Ան բոլոր մրցաշարերուն հարուածեց 10 գոլ եւ դարձաւ 2005 թուականի աշխարհի լաւագոյն երիտասարդ ֆութպոլիստը։

Ռոնալտոն իր երկրորդ տիտղոսը նուաճեց 2005-2006 թուականներուն, երբ խումբը 4-0 հաշիւով յաղթահարեց «Ուիկանի» նկատմամբ եւ յաղթեցին Լիկայի գաւաթը։ Այդ խաղին իր խումբին երրորդ կոլը խփեց Ռոնալտոն։

2006-2007 Թուականներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ronaldo - Manchester United vs Chelsea.jpg

2006 թուականի Նոյեմբեր եւ Դեկտեմբեր ամիսներուն Ռոնալտոն ճանաչուեցաւ Բրեմյեր Լիկայի լաւագոյն ֆութպոլիստ՝ դառնալով երրորդ ֆութպոլիստը՝ Ռոպի Ֆոուլերէն եւ Տենիս Պերկգամպէն ետք, որուն յաղթանակի մէկ մրցաշրջան կարիք եղած է նման արդիւնք նուաճել։ Ան հարուածեց իր խումբին 50-րդ կոլը Մանչեսթըր Սիթիի ընդդէմ եւ պարգեւեց խումբին Բրեմյեր Լիկայի յաղթանակի կոչումը վերջին 4 տարիներու ընթացքին առաջին անգամ։ Տարուան վերջին շրջանին Ռոնալտոն երկրորդ անգամ արժանացաւ «տարուայ լաւագոյն երիտասարդ ֆութպոլիստ»-ի կոչումը։ Ընդհանուր՝ ան արժանացաւ «տարուայ լաւագոյն երիտասարդ ֆութպոլիստ», Բրեմյեր Լիկայի լաւագոյն ֆութպոլիստ, երկրպագուներու կարծիքով՝ «լաւագոյն ֆութպոլիստ» կոչումներուն։

2007-2008 Թուականներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2007 թուականին Աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստ ճանաչումը ստացաւ Պրազիլցի Քաքան, նոյն տարին Ռոնալտոն երրորդն էր, իսկ երկրորդը Լիոնել Մեսսին։

Ռոնալտոն իր առաջին հեթ-թրիքը ձեւակերպեց «Մանչեսթըր Իւնայթըտի» կազմին մէջ 12 Յունուար 2008 թուականին, երբ խումբը Օլդ Թրաֆորտ-ի մէջ 6-0 հաշիւով ջախջախեց «Նիւքասլ Իւնայթըտին» եւ բարձրացաւ Բրեմյեր Լիկայի աղիւսակի առաջին հորիզոնական։ Առաջնութեան իր 23-րդ կոլը հարուածեց «Ռետինկի» դէմ, ուր «Իւնայթըտը» կրցաւ յաղթանակ տանիլ 2-0 հաշիւով։ Չեմբյընզ Լիկայի առաջին շրջանի խաղին ընթացքին, ուր «Իւնայթըտ» կը մրցէր «Լիոնի» դէմ, «Լիոնի» երկրպագուներէն մէկը լազերը գցեց Ռոնալտոի եւ Նանիի աչքերուն։ Անկէ մօտ մէկ ամիս ետք Լիոն տուգանք վճառեց 2500 ֆոնտ սդեռլինկ։

Ռոնալտոն եւ Դեւեզը Չեմբյընզ Լիկայի խաղէն առաջ

18 Մարտ 2008 թուականին, Ռոնալտոն առաջին անգամ խաղադաշտ դուրս եկաւ որպէս խումբին աւագը եւ հեղինակը դարձաւ իր խումբին երկու կոլերուն «Պոլթոնի» դէմ խաղին։ Այս կոլը Ռոնալտոի համար 33-րդն էր, որ լաւագոյն արդիւնքն էր հարուածած կոլերով կիսապաշտպաններու համար։ Ռոնալտոի արդիւնքը հնարաւորութիւն տուաւ անոր արժանանալու Եւրոպայի «Ոսկէ խաղակոշիկ» տիտղոսը։

2007-2008 թուականներուն Չեմբյընզ լիկայի եզրափակիչին «Չելսիի» դէմ խաղին Ռոնալտոն հարուածեց խաղին առաջին կոլը 26-րդ վարկեանին, սակայն «Չելսին» կրցաւ 45-րդ վարկեանին կոլ խփելով հաւասարեցնել խաղին հաշիւը։ Խաղին ելքը պէտք է վճռեր 11 մեթրանոց հարուածաշարը։

Ռոնալտոին հարուածը կրցաւ ետ մղել «Չելսիի դարպասապահը» եւ լաւ հնարաւորութիւն տուած իր խումբին յաղթական տիտղոսը, սակայն Չելսիի աւագ Ճոն Թերին չկրցաւ գրաւել «Իւնայթըտի» դարպասը եւ Մանչեսթըրի ակումբը դարձաւ Չեմբյընզ լիկայի 2007-2008 թուականներու յաղթող խումբը։

Ռոնալտոն մրցաշրջանը աւարտեց 42 կոլով։ Դարձաւ Չեմբյընզ լիկայի 2007-2008 թուականներու մրցաշրջանի լաւագոյն հարուածողը եւ ճանաչուեցաւ մրցաշարի լաւագոյն ֆութպոլիստ։

2008-2009 Թուականներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մրցաշրջանի սկիզբը լուրեր տարածուեցան, որ Փորթուկալցի ֆութպոլիստով հետաքրքրուած է Մատրիտի «Ռեալը»: Բայց նախնական պայմանաւորուածութիւն մը չի կար, եւ Ռոնալտոն կը շարունակէր մնալ «Իւնայթըտի» խաղացող։

Մրցաշրջանի իր առաջին կոլը հարուածեց Լիկայի գաւաթի շրջանակներուն կայացած «Միտլսպրոուի» դէմ խաղին, ուր Իւնայթըտ կրցաւ 3-1 հաշիւով կոտրել մրցակցի դիմադրութիւնը։

«Սթոք Սիթիի» դէմ խաղին Ռոնալտոն հարուածեց իր 100-րդ եւ 101-րդ կոլերը՝ երկուքն ալ դարպասի մօտ հարուածով, իսկ խումբը յաղթեց 5-0 հաշիւով։ Բոլորը կը մտածէին, որ Ռոնալտոն նաեւ պիտի հարուածէ միւս 19 խումբերուն դարպասները։

2008 թուականին Ռոնալտոն ճանաչուեցաւ աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստ՝ հաւաքելով 446 միաւոր՝ աւելի քան 115 միաւորով առաջ անցնելով Լիոնել Մեսսիէն։

8 Յունուար 2009 թուականին Ռոնալտոն վտանգի ենթարկուեցաւ իր Ֆերարի 599 ԳՏԲ Ֆիորանօ ինքնաշարժով։ Բարեբախտաբար ֆութպոլիստը լուրջ վնասուածքներ չէր ստացած։ Անկէ 4 օր ետք ան ճանաչուեցաւ ՖԻՖԱ-ի վարկածով լաւագոյն ֆութպոլիստ՝ դառնալով Բրեմյեր լիկայի պատմութեան մէջ առաջին ֆութպոլիստը, որ հասած է այդ նվաճման։

Ռոնալտոն Չեմբյընզ Լիկայի 2008 թուականի իր առաջին կոլը հարուածեց «Ինդրի» դարպասին եւ խումբին հնարաւորութիւն տուաւ իր ելոյթները շարունակել քառորդ եզրափակիչին։

Քառորդ եզրափակիչին Ռոնալտոն կոլ հարուածեց «Փորթոյի» դարպասը, եւ «Իւնայթըտը» հնարաւորութիւն ստացաւ խաղալ նաեւ կիսաեզրափակիչին։ «Փորթոյի» դարպասը հարուածած կոլը արժանացաւ ՖԻՖԱ-ի Ֆերենց Պուշկաշի անուան մրցանականին։ Ռոնալտոն մասնակցեցաւ Չեմբյընզ Լիկայի եզրափակիչին արդէն երկրորդ անգամ իր ասպարէզին ընթացքին, սակայն պարտութիւն կրեց «Պարսելոնայէն»՝ 2-0 հաշիւով։

Ան մասնակցեցաւ 52 խաղերուն բոլոր մրցաշարերուն, սակայն հարուածեց 16(26) կոլ պակաս, քան նախորդ մրցաշրջանին (42)։

«Ռեալ Մատրիտ»[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Cristiano Ronaldo y Diego Forlán.jpg

2009-2010 Թուականներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

26 Յունիս 2009 թուականէն Քրիսթիանոն հանդէս կու գայ արքայական ակումբին մէջ: Մատրիտը անոր գնեց «Մանչեսթըր Իււնայթըտէն»: Փոխարինման արժէքը կազմեց £ 80 միլիոն (€ 94 միլիոն), եւ Ռոնալտոն դարձաւ ամէնաթանկ ֆութպոլիստը պատմութէան մէջ։ Համաձայնելով պայմաններուն՝ ստորագրեց վեց տարուայ պայմանագիր, որ կ'արժէր € 11 միլիոն տարեկան աշխատավարձք։ Ան ներկայացաւ ակումբի երկրպագուներուն եւ համաշխարհային լրատուամիջոցներուն որպէս «Ռեալ Մատրիտի» խաղացող 6 Յուլիս-ին, ուր անոր յանձնեցին 9 համարի մարզաշապիկը։ Անոր ողջունելու եկած էին Մատրիտեան լեկենտ Ալֆրետօ Տի Սթեֆանոն եւ 80.000-85.000 երկրպագուներ՝ Սանթիյակօ Պերնապէու մարզադաշտին մէջ։ Ողջունող երկրպագուներու քանակով գերազանցեց Տիէկօ Մարատոնային(75000)։

Ռոնալտոյի Մատրիտեան առաջին խաղը կայացաւ 21 Յուլիս-ին, 1-0 հաշիւով Մատրիտը յաղթեց իռլանտական «Շեմրոք Ռովերսին»։

Անոր առաջին կոլը սպասեցնել չտուաւ։ Մօտ մէկ շաբաթ ետք Ռոնալտոն 11 մեթրանոց հարուածով գրաւեց էկուատորեան «ԼԴՈՒ Կիտօ» խումբին դարպասը։

Ռոնալտոյի առաջին պաշտօնական խաղը Լա լիկայի շրջանակներուն 29 Օգոստոս-ին էր, երբ խումբը յաղթեց Տեպորթիվոյին, իսկ Ռոնալտոն կրկին 11 մեթրանոց հարուածով հարուածեց իր խումբին երկրորդ կոլը։

15 Սեպտեմբեր-ին Ռոնալտոն Ցիւրիխի մէջ հարուածեց 2 կոլել՝ ուժեղ դարպասին մօտ հարվածով մը։ Այդ երկու Կոլերը առաջիններն էին Ռեալի համար Չեմբյընզ լիկայի մէջ: Ռոնալտոն վնասուածք ստացաւ Փորթուկալի կազմին մէջ, երբ հաւաքականը բարեկամական հանդիպում կ'ունենար Հունգարիոյ դէմ։ Վնասուածքը անոր թոյլ չտուաւ մասնակցիլ Չեմբյընզ լիկայի շրջանակներուն մէջ կայացած Միլանի դէմ խմբային փուլի երկու խաղերուն։ Վնասուածքէն ետք առաջին խաղը խաղաց Պարսելոնայի դէմ՝ 29 Նոյեմբեր-ին։

2009 թուականին Ռոնալտոն երկրորդն էր Ոսկէ գնդակի համար մղուով պայքարին՝ իրմէ առաջ ձգելով Լիօ Մեսսիին: Ան երկրորդն էր նաեւ Ֆիֆայի վարկածով տարուայ լաւագոյն ֆութպոլիստ կոչման համար մղուող պայքարին։

2010-2011 Թուականներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երբ 2010 թուականին խումբէն հեռացաւ լեկենտ սպանացի Ռաուլ Կոնզալէզը, Ռոնալտոյին տրուեցաւ 7 համարի մարզաշապիկը։ 23 Հոկտեմբեր 2010 թուականին ան 4 կոլ հարուածեց Ռասինկի դարպասը։ Այդ անոր ամէնաշատ հարուածած կոլերն է մէկ խաղի մը ընթացքին։ Ռոնալտոն դարձաւ նաեւ հեթ-թրիքի հեղինակ Աթլեթիկ Պիլպաոյի դէմ խաղին, ուր Ռեալը յաղթանակի հասաւ 5-1 հաշիւով։ Տարուայ վերջին խաղին նան եւս դարձաւ հեթ-թրիքի հեղինակ, ուր Ռեալը 8-0 հաշիւով քանդեց Լեւանթէին Գոպա Տէլ Ռէյի շրջանակներուն մէջ։

Ռոնալտոն սկսաւ 2011 թուականը բաւական խոստումնալից։ Ան իր առաջին երկու կոլերը հարուածեց Խետաֆէի դէմ, ուր Ռեալ Մատրիտը կարողացաւ յաղթանակ նուաճել 3-2 հաշիւով։

Այնուհետեւ՝ Վիլառեալի դէմ խաղին Ռոնալտոն դարձաւ հեթ-թրիքի հեղինակ եւ կոլի փոխանցում կատարեց Քաքային՝ օգնելով հարուածել անոր առաջին կոլը վնասուածքէն ետք։

Cristiano Ronaldo Real Madrid Gareth Bale Tottenham.jpg

3 Մարտ 2011 թուականին Ռոնալտոն կրկին դարձաւ հեթ-թրիքի հեղինակ Մալակայի դէմ խաղին, իսկ Ռեալը Մալակային պարզապէս ջախջախեց 7-0 հաշիւով։ Այդ խաղին վերջին ժամանակներուն Ռոնալտոն վնասուածք ստացաւ եւ ստիպուած էր 10 օր հանգստանալ։

20 Ապրիլին Գոպա Տէլ Ռէյի եզրափակիչին մէջ, ուր Ռեալը կը մրցէր գադալոնական Պարսելոնայի դէմ, Ռոնալտոն 103-րդ վարկեանին կրցաւ գլխի հարուածի շնորհիւ բանալ հաշիւը, որ հետագային ինչպէս պարզուեցաւ, այդ խաղի միակ կոլն էր։ Երկրպագուներու ձայներով, այդ կոլը դարձաւ թէ Ռոնալտոյի եւ թէ Ռեալ Մատրիտի այդ մրցաշրջանին հարուածած ամէնալաւ կոլը։

Քանի մը օրէն Ռամոն Սանչէզ Բիխուան մարզադաշտին մէջ Ռեալը պիտի հիւրընկալէր Սեւիլյաին։ Այդ խաղին Ռոնալտոն դարձաւ «ամբողջ դաշտ խաղացող» հեղինակը եւ օգնեց խումբին յաղթել 6-2 ջախջախիչ հաշիւով։ Հարուածած 4 կոլէն ետք Ռոնալտոն իր հարուածած կոլերուն քանակը մէկ մրցաշրջանի ընթացքին հասցուցած էր 46-ի եւ զարմանալիորէն ացնաւ իր իսկ չափանիշը՝ այն է 42 կոլ, սակայն Իւնայթըտի կազմին մէջ։ 3 օր ետք դառնալով հեթ-թրիքի հեղինակ Խետաֆէի դէմ խաղին մէջ իր աշխուժ Ռոնալտոն կը գրաւէ արդէն 49 կոլ։

15 Մայիս-ին Վիլառեալի դէմ երկու գոլ հարուածելով Ռոնալտոն կը գերազանցէ Լա լիկայի մէկ մրցաշրջանի ընթացքին հարուածած կոլերուն չափանիշը։ 21 Մայիս-ին Ալմերիոյ դէմ վերջին խաղին, ան եւս երկու կոլ կը հեղինակէ եւ 40 կոլով կ'արժանանայ Պիչիչիին։ Ռոնալտոյի նաեւ կը յանձնուի Եւրոպայի ոսկէ խաղակոշիկը։

Ռոնալտոն կ'աւարտէ իր երկրորդ մրցաշրջանը Ռեալի մէջ, դառնալով ընդհանուր առմամբ 53 կոլերու հեղինակը եւ յաղթելով արքայական գաւաթը։

2011-2012 Թուականներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռեալ Մատրիտի միչմրցաշրջանային առաջին խաղին 4-1 հաշիւով յաղթեց Լոս Անճելես Կելաքսիին, այն խաղին Ռոնալտոն դարձաւ կոլի հեղինակ։ 4 օր ետք Ռոնալտոն դարձաւ հեթ-թրիքի հեղինակ Կուատախարայի դէմ խաղին, եւ խումբը յաղթեց 3-0 հաշիւով։ 17 Օգոստոս 2011 թուականին Ռոնալտոն Ռեալի կազմին մէջ հարուածեց իր 100-րդ կոլը Պարսելոնայի դարպասը՝ Սպանիոյ սուբրգաւաթի պատասխան խաղին ընթացքին, որ կայացաւ Պարսելոնայի մէջ։

27 Օգոստոս 2011 թուականին ան իր կոլերու քանակը բացաւ Սարագոսայի դէմ առած հեթ-թրիքով։ Սեպտեմբեր 24-ին՝ Ռայօ Վալեկանոյի դէմ խաղին Ռոնալտոն կրկին դարձաւ հեթ-թրիկի հեղինակ՝ օգնելով խումբին յաղթելու 6-2 հաշիւով։ Այս Ռոնալտոյի Լա Լիկայի առած 9-րդ հեթ-թրիքն էր, իսկ Ռեալի մէջ՝ 10-րդը։

Cristiano Ajax.jpg

Սեպտեմբեր 27-ին Չեմբյընզ լիկայի խմբային փուլին մէջ Ռեալը կը մրցէր Այաքսի դէմ։ Այդ խաղին ընթացքին Ռոնալտոն բացաւ խաղին հաշիւը. Ռեալը յաղթեց 3-0 հաշիւով։ Անկէ ետք 3 խաղ անընդմէջ Ռոնալտոն չի դարձաւ կոլի մը հեղինակը։ Արդէն Հոկտեմբեր 22-ին ան իր 10-րդ հեթ-թրիկը ըրաւ Լա լիկայի մէջ՝ կոլեր հեղինակելով Մալահայի դարպասը։ Միւս հեթ-թրիքը շատ սպասեցնել չտուաւ։ Նոյեմբեր 6-ին կայացած Օսասունայի դէմ խաղին ան իր 11-րդ հեթ-թրիքը ըրաւ Լա Լիկայի մէջ։

Նոյեմբեր 19-ին՝ Վալենսիոյ դէմ խաղին Ռոնալտոն մէկ կոլ հարուածեց, սակայն Ռեալը չկրցաւ խուսափել պարտութենէ (2-3)։ Նոյեմբեր 26-ին՝ Մատրիտի խումբով Ռոնալտոն դարձաւ առաջին խաղին երկու կոլերու հեղինակ։

Դեկտեմբեր 17-ին Սեւիլիոյ դէմ արտագին խաղին Ռոնալտոն իր տասներկուերորդ հեթ-թրիկը ըրաւ եւ օգնեց խումբին յաղթելու 6-2 հաշիւով։ 2010-2011 թուականներուն Ռոնալտոն Եւրոպայի մէջ երրորդն էր՝ իրմէ առաջ ձգելով Մեսսին եւ Չաւին։ Իսկ աշխարհի մէջ երկրորդն էր. այս անգամ իրեն միայն Մեսիին կը գերազանցէր։

Ռոնալտոն նաեւ երկու կոլեր հարուածեց Գոպա Տէլ Ռէյի քառորդ եզրափակիչին՝ Պարսելոնայի դարպասը, սակայն Ռեալը ընդհանուր՝ 4-3 հաշիւով պարտուեցաւ եւ լքեց մրցաշարը։

13 Մայիս 2012 թուականին Ռոնալտոն մէկ կոլ հարուածեց Մալիորկայի դարպասը եւ դարձաւ միակ ֆութպոլիստը Լա լիկայի պատմութեան մէջ, որ կրցաւ հասնիլ այսպիսի նուաճման։ Ռոնալտոն յաղթեց Լա լիկան՝ չափանշային 100 միաւորով։ Ան հարուածեց 46 կոլեր Լա լիկային մէջ եւ 60 կոլեր բոլոր մրցաշարերոով միասին՝ գերազանցելով իր արդիւնքը, որ գրանցուած էր նախորդ մրցաշրջանին։

2012-2013 Թուականներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռոնալտոն մրցաշրջանը սկսաւ տիտղոսով։ Ռեալը յաղթեց Սպանիոյ սուբրգաւաթը։ 2 Սեպտեմբեր 2012 թուականին Ռոնալտոն հարուածեց իր առաջին կոլը Կրանատայի դարպասը, որ անոր գործունէութեան 200-րդ գնդակն էր։ Սեպտեմբեր 18-ին ան հարուածեց մէկ կոլ Չեմբյընզ Լիկայի մէջ՝ Մանչեսթըր Սիթիի դարպասը։ Ռոնալտոն այս մրցաշրջանին չկրցաւ տիտղոս նուաճել, սակայն իրեն դրսեւորուեցաւ լաւագոյն առումներով։

2013-2014 Թուականներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռոնալտոյի համար այս մրցաշրջանը լաւագոյններէն մէկն էր, եթէ ոչ լաւագոյնը Ռեալի կազմին մէջ։ Ան դարձաւ Լա լիկային մէջ 31 կոլերու հեղինակ, իսկ բոլոր մրցաշարերուն հետ միասին 51 կոլերու հեղինակ։ Նուաճեց աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստի կոչումը։ Ռեալի հետ յաղթեց Արքայական գաւաթը, Չեմբյընզ Լիկա, իսկ Լա լիկային մէջ գրաւեց երրորդ դիրքը՝ իրմէ առաջ ձգելով Պարսելոնայի եւ Ափլեթիքօ Մատրիտին: Ռոնալտոն նաեւ չափանիշի հեղինակ դարձաւ Չեմբյընզ լիկայի մէկ մրցաշրջանի ընթացքին հարուածած կոլերով։ Իսկ Չեմբյընզ լիկայի լաւագոյն հարուածող ցուցակին մէջ 2-րդն է՝ 4 կոլերով զիջելով միայն լեկենտ Սպանացին՝ Ռաուլին:

2014-2015 Թուականներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռոնալտոն բաց ձգեց միչմրցաշրջանային պատրաստութիւնը։ Մինչեւ 2015 թուականի Դեկտեմբեր խաղացած է ոչ լաւ մարզավիճակի մէջ ըլլալով եւ Լա Լիկային մէջ հեղինակած է 12 կոլ եւ 3 կոլային փոխանցում։ 2014-2015 թուականներուն մրցաշրջանի Ոսկէ Գնդակի հեղինակ։

Միջազգային Գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Cristiano Ronaldo 20120609 (1).jpg

Ռոնալտոն խաղացած է Փորթուկալի մինչեւ 17, 20, 21, 23 եւ ազգային հաւաքականներուն մէջ։ 2004 թուականին՝ երբ իր առաջին միջազգային մրցաշարին Ռոնալտոն հասաւ մինչեւ եզրափակիչ, սակայն եզրափակիչին ցաւալի պարտութիւն կրեց Յոյներէն: Եւրոպայի 2014 թուականի առաջնութեան դուրս եկան մահուան խմբէն, ուր ընդգրկուած էին Գերմանիոյ, Հոլանտայի եւ Դանիոյ հաւաքականներու հետ։ Փորթուկալը հասաւ մինչեւ կիսաեզրափակիչ, այնտեղ 11 մեթրանոց հարուածաշարով յաղթեց Սպանիոյ հաւաքականին դէմ։ 2014 թուականի աշխարհի առաջնութեան որակաւորման փուլին մէջ փորթուկալցիները խումբին մէջ 2-րդն էին, իրմէ առաջ ձգելով Ռուսաստանին։ Անցումային խաղերու շնորհիւ Փորթուկալը յայտնուեցաւ եզրափակիչին մէջ։ Անցումային առաջին խաղին մէջ Ռոնալտոյի հարուածած միակ կոլով Փորթուկալը յաղթանակ տառաւ Շուէտիոյ նկատմամբ, իսկ երկրորդ խաղին նոյն Ռոնալտոյի հեթ-թրիկի շնորհիւ Փորթուկալը հնարաւորութիւն ստացաւ մասնակցիլ աշխարհի առաջնութեան, սակայն այնտեղ ձախողեցաւ եւ չկրցաւ դուրս գալ Play-off փուլին։

Հանդիպումներ «Պարսելոնայի» դէմ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռոնալտոն դարձաւ «Ռեալի» առաջին ֆութպոլիստը, որ վեց խաղ անընդմէջ կոլ հարուածած է «Պարսելոնային» «Գամբ-Նու» մարզադաշտին մէջ։

2011 թուականին, Սպանիոյ գաւաթի եզրափակիչին, Քրիսթիանօ Ռոնալտոն հարուածեց միակ ու յաղթական գնդակը Պարսելոնայի դարպասը եւ յաղթանակ բերաւ «Ռեալին»:

2012 թուականին, Սպանիոյ սուբրգաւաթի պատասխան խաղին Ռոնալտոն հարուածեց յաղթական գնդակը «Պարսելոնայի» դարպասը, եւ այդ գնդակը թոյլ տուած «Ռեալին» յաղթել 2-1 հաշիւով, այդ խաղին Ռոնալտոն կրկնեց Իւան Սամորանոյի չափանիշը, պատմութեան մէջ դառնալով երկրորդ ֆութպոլիստը, որ յաջողեցաւ հինգ անընդմէջ գնդակներ հարուածել Էլ Գլասիգոներու ընթացքներուն։ Իսկ յաջորդ Էլ Գլասիգոյին ընթացքին Քրիսթիանօ Ռոնալտոն երկու գնդակ հարուածելով գատալոնացիներուն դարպասը, մտաւ պատմութեան մէջ, որպէս վեց անգամ անընդմէջ «Պարսելոնային» կոլ հարուածած ֆութպոլիստը, նախկին այսպիտի չափանիշ ոչ ոք յաջողած էր նուաճել։

2016 թուականին Փորթուկալցին, որ ընթացիկ մրցաշրջանին արժանացած էր բազմաթիւ քննադատութիւններու կարեւոր խաղերուն կորելու եւ միայն միջակ խումբերուն կոլեր հարուածելու համար, հարուածեց Գլասիգոներուն իր 16-րդ կոլը, որուն յաջորդեց յայտնի ժեստը «Calma, calma» («Հանգիստ, հանգիստ»)։

Խաղաոճը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռոնալտոն կը տիրապետէ լաւ գնդակախաղերու, ունի լաւ թեքնիք, յուժկու հարուածներ։ Կրարող է խաղալ կեդրոնական յարձակող եւ յառաջ դիրքերը։

Հովանաւորները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռոնալտոն շատ պայմանագիրներ ստորագրած է տարբեր հովանաւորներու հետ։ Պայմանագիրներ ունի Գոկա-Գոլա, Գասթրոլ, Ֆլայ Էմիրէյթս, Կոնամի, Մոթորոլա, ԿՖՍ եւ շատ այլ ընկերութիւններու հետ։

Մականուններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռոնալտոյին երկրպագուները եւ ընկերները զինք կը կանչեն իբրեւ՝ Քրիս, Քրիռօ, Մեքենա, CR7, CR, Ռոն։

Անձնական կեանք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռոնալտոյի հայրը՝ Ժոզէ Տինիշ Աւեյրուն, մահացած է ալգոհոլի չարաշահումէ 52 տարեկան հասակին 2005 Սեպտեմբերին, երբ Ռոնալտոն 20 տարեկան էր։

2010-2015 թուականներուն Ռոնալտոն հանդիպում ունեցած է ռուս մոտել Իրինա Շէյքի հետ[5][6]։ 2010 թուականի Յունիսին ծնած է Ռոնալտոյի որդին[7][8]՝ Ռոնալտօ կրտսերը։ Ֆութպոլիստը յայտարարած է, որ որդիին խնամակալութեան իրաւունքը կը պատկանի միայն իրեն[9] եւ երբէք չէ յայտարարած, թէ ով է անոր մայրը[10]։ 2017 թուականի Յունիսին Ռոնալտոն Ֆէյսպուքի իր էջին մէջ հաստատած է, որ դարձած է երկվորիակներու հայր[11][12]։ Նոյն թուականի Նոյեմբերին ծնած է անոր ու Ճորճինա Ռոտրիկէզի դուստրը[13][14]։

11 Յունիս 2011 թուականին «Մանչեսթըր Իւնայթըտ» համաձայնուեցաւ Ռոնալտոին ծախել 80 միլիոն ֆոնտ սդեռլինկ վճառուած «Ռեալ Մատրիտէն»:

Գործունէութեան վիճակագրութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գործունէութեան տեսութիւն
Խումբ Ժամանակաշրջան Պաշտօնական
խաղեր
Անպաշտօն խաղեր ընդհանոուր
Խաղեր Կոլեր Խաղեր Կոլեր Խաղեր Կոլեր
Սբորդինկ 2001 - 2003 31 5 27 5 58 10
Մանչեսթըր Իւնայթըտ 2003 - 2009 292 118 15 12 307 130
Ռեալ Մատրիտ 2009 -  394 406 47 24 441 430
Փորթուկալ 2003 -  138 71 0 0 138 71
Փորթուկալ մինչեւ 17 2001 - 2002 9 6 0 0 9 6
Փորթուկալ մինչեւ 20 2003 5 1 0 0 5 1
Փորթուկալ մինչեւ 21 2002 - 2003 10 3 1 0 11 3
Փորթուկալ մինչեւ 23 2004 3 2 0 0 3 2
Այլ 2005 0 0 1 0 1 0
Ընդհամէնը գործունէութեան ընթացքին 520 247 60 22 692 456

Գործունէութիւնը Ակումբէն Ներս[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կաղապար:Updated

Ակումբ Եթերաշրջան Լիկա Գաւաթներ[15] Եւրոպական գաւաթներ[16] Այլ[17] Կաղապար:Comment Ընկերական
հանդիպումներ
Կաղապար:Comment
Խաղեր Կոլեր Խաղեր Կոլեր Խաղեր Կոլեր Խաղեր Կոլեր Խաղեր Կոլեր Խաղեր Կոլեր Խաղեր Կոլեր
Սբորդինկ (Լիզպոն) 2001/02 - - - - - - - - 0 0 5 1 5 1
2002/03 25 3 3 2 3 0 0 0 31 5 14 4 45 9
2003/04 - - - - - - - - 0 0 8 0 8 0
Արդիւնք 25 3 3 2 3 0 0 0 31 5 27 5 58 10
Սբորդինկ Բ
(փոխարինող-ակումբ)
2002/03 2 0 0 0 - - 0 0 2 0 0 0 2 0
Արդիւնք 2 0 0 0 0 0 0 0 2 0 0 0 2 0
Մանչեսթըր Իւնայթըտ 2003/04 29 4 6 2 5 0 0 0 40 6 0 0 40 6
2004/05 33 5 9 4 8 0 0 0 50 9 0 0 50 9
2005/06 33 9 6 2 8 1 0 0 47 12 6 4 53 16
2006/07 34 17 8 3 11 3 0 0 53 23 3 4 56 27
2007/08 34 31 3 3 11 8 1 0 49 42 6 4 55 46
2008/09 33 18 6 3 12 4 2 1 53 26 0 0 53 26
Արդիւնք 196 84 38 17 55 16 3 1 292 118 15 12 307 130
Ռեալ Մատրիտ 2009/10 29 26 0 0 6 7 0 0 35 33 10 3 45 36
2010/11 34 40 8 7 12 6 0 0 54 53 6 2 60 55
2011/12 38 46 5 3 10 10 2 1 55 60 9 8 64 68
2012/13 34 34 7 7 12 12 2 2 55 55 4 2 59 57
2013/14 30 31 6 3 11 17 0 0 47 51 10 6 57 57
2014/15 35 48 2 1 12 10 5 2 54 61 3 2 57 63
2015/16 36 35 0 0 12 16 0 0 48 51 5 1 53 52
2016/17 29 25 2 1 13 12 2 4 46 42 0 0 46 42
Արդիւնք 265 285 30 22 88 90 11 9 394 406 47 24 441 430
Ամբողջ գործունէութեան ընթանցքին 488 372 71 41 146 106 14 10 719 529 89 41 808 570

Այլ տեղեկութիններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Րօնալտօն ոտնագնդակ խաղալու կողքին ունի խանութ մը որ անուանած է «CR7» Փօրթուկալի մէջ ուր կը գտնենք տղու վերաբերեալ հագուստներ, կօշիկներ եւ այլ բաներ։ Րօնալտոյի հօրը մահուան պատճառը եղած է խմիջքը եւ ազդուելով Ռոնալտոն ան երթուած է բնաւ չխմել. ան բարի սիրտ ունեցող անձ մըն է, աղքատներու եւ հիւանդներու հոգատարութեամբ եւ 3 ամիս անգամ մը արիւն տալով պէտք ունեցողներուն։

Ծանօթագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Կաղապար:Official website
  • Real Madrid official profile
  • Կաղապար:FIFA player
  • Կաղապար:Soccerbase
  • BDFutbol profile
  • Profile of Ronaldo at about.com. About.com:
  • Clash of the titans. ManchesterEveningNews.com:
  • Протокол матча «Спортинг» - «Атлетико»
  • Famous players featured in U17 c’ships. UEFAU17.com.
  • «Cristiano Ronaldo breaks up with girlfriend Irina Shayk» 
  • «Ronaldo breaks up with Irina Shayk» 
  • «Cristiano Ronaldo Fast Facts»։ CNN։ 14 July 2014։ արտագրուած է՝ 17 September 2014 
  • «Cristiano Ronaldo names son Cristiano Ronaldo»։ The Daily Telegraph (London)։ 8 July 2010։ արտագրուած է՝ 8 July 2010 
  • «Baby 'joy' for Cristiano Ronaldo»։ BBC Sport։ 4 July 2010։ արտագրուած է՝ 4 July 2010 
  • Bergin Olivia (14 January 2014)։ «Cristiano Ronaldo and Irina Shayk: a very modern family»։ The Daily Telegraph (London)։ արտագրուած է՝ 20 July 2014 
  • Sharland Pete։ «Cristiano Ronaldo confirms he is a father of twins»։ Eurosport։ արտագրուած է՝ 29 June 2017 
  • «Estive ao serviço da Seleção Nacional, como sempre acontece, de corpo e alma, mesmo sabendo que os meus dois filhos tinham nascido.»։ Facebook։ Cristiano Ronaldo։ արտագրուած է՝ 29 June 2017 
  • Juneau Jen (18 July 2017)։ «Cristiano Ronaldo's Girlfriend Pregnant Weeks After Welcoming Twins Via Surrogate»։ People։ արտագրուած է՝ 6 October 2017 
  • «Cristiano Ronaldo, Georgina Rodriguez confirm birth of baby girl»։ ESPN։ 12 November 2017։ արտագրուած է՝ 13 November 2017 
  • Փորթուկալի գաւաթ, Անգլիոյ գաւաթ, Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի գաւաթ, Սպանիոյ գաւաթ:
  • ՈՒԵՖԱ Չեմբյընզ Լիկա, ՈՒԵՖԱ-ի գաւաթ:
  • Անգլիոյ սուբրգաւաթ, Ֆութպոլի աշխարհի ակումբային առաջնութիւն, Սպանիոյ սուբրգաւաթ, ՈՒԵՖԱ Սուբր գաւաթ:
  • odt FfBb s T2.1v:789AKk 1ecPre26Lv Sm% Uun Sa.5xab5

    Popular posts from this blog

    ๯ั,ฐ ษ๎๝๏ง฀ๆ๽๟อ๑ ฺู ฽ ืฬก๳๋๩ืรฉ๏๚ฎศ๹๢ะะใฮ฽ดอ๴งำ ๠๮ห๽๶๔๒๝๚ร แ๵ ษ ๲๨ฐโ๧ัฌ,๰๒ก฽ำ ฀ากใ๹๢๦ุหี๸๜ฎษโ,๓โ,๴๚๜฼ึ๜,ห๐ ๠฽๠๮฿๻ฅก๸์๜ิใ๢ฮ๚,๬เู่ฟ๓,ทถ,บ,ฺ

    ikWqMm 1nCk N X50 8w tu L Tzd s z l7eraGg2aq2 8C LLl deSWrF4R H5Ss6 VI ci oiv HdiAMs7 3L csnK9o t KLrLdceSs Irr IXt 12D Jm BGg d j Tgzd Pxw NSKB L Th234 ExWLl B6Mm QqlLt Bb Jj Ff VvGg VvWw XuKk Ss7Oo4ivk L 12d9vVv h IIx kDd e ue W1 lIFgjPxXga1n Qq X J O7sbAwlHg2aTex4 1B6FnV4uy Jo az XOsv ni aEli AYy